Sill and Sound

Sill and Sound
Architects SRL
6 Rue de Namur
1000 Bruxelles

+32(0)487.397680

info@sillandsound.com
@sillandsound

Sill and Sound ճարտարապետական արուեստանոցը հիմնուած է 2014-ին Պրիւքսէլի մէջ, եւ կը համախմբէ բազմալեզու եւ բազմամշակոյթ ճարտարապետներ։

Իր աշխատանքներուն ընդմէջէն, Sill and Sound կը փորձէ առնչել ճարտարապետութիւնը մեր ընկերային միջավայրին, տարածքներուն և նիւթերուն՝ քննական, յուզական և մտաւոր կապերով։ Նախագծումի աշխատանքներուն ընդմէջէն, կ՚ուզենք զարգացնել ժամանակակից ըլլալու գաղափարը, պահպանելով որոշակի հեռաւորութիւն մը ժամանակակցութենէն: Sill and Sound կը փորձընկալէ սեմի յղացքը, նկատելով զայն որպէս երկկողմ պաստառ մը որ կը բաժնէ, բայց միեւնոյն ատեն կը միացնէ երկու աշխարհներ. կը զտէ, միեւնոյն ատեն կը հիւսէ դուրսն ու ներսը, ընդհանուրն ու մասնաւորը, կը ստեղծէ մէկը միւսով, այս երկուքին բերած հակադրութիւններու եւ յարափոփոխ տարբերութիւններու լոյսին տակ։

Sill and Sound մինչ այժմ իրականացուցած է զանազան նախագիծեր, Պելճիքայի, Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ վերանորոգած է Պրիւքսէլի կեդրոնը գտնուող UNESCO-ի կողմէ պահպանուած բազմաթիւ շէնքեր։

© Sill and Sound Architects SRL.
All rights reserved.